2011-10-19 12:39:32

Իտալիոյ Մօտ Հայաստանի Դեսպանը Տիար Ռուբէն Կարապետեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Փորթուկալի նախագահին ։


Հոկտեմբեր 11-ին, Փորթուկալի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը իր հաւատարմագրերը յանձնեց Փորթուկալի Հանրապետութեան նախագահ Անիպալ Գավաքօ Սիլվային:
Յանձնման պաշտօնական արարողութեան հետեւած զրոյցի ընթացքին դեսպան Կարապետեանը Փորթուկալի նախագահին փոխանցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարեմաղթանքներն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրը:
Փորթուկալ այցի ընթացքին ՀՀ դեսպանը հանդիպումներ ունեցաւ գլխաւոր կառավարական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ, ուր քննար- կուեցան հայ-փորթուկալական տնտեսական կապերու խթանման, ինչպէս նաեւ փոխ այցելութիւններու իրականացման հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Այցի ընթացքին դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը այցելեց Գ. Գիւլբենկեան թանգարան ու ծաղկեպսակ զետեղեց մեծանուն հայի յուշարձանին:
Նշենք որ Տիար Կարապետեան Հայաստանը կը ներկայացնէ նաեւ Իտալիոյ Կառավարութեան մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.