2011-10-19 12:26:41

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Գարեգին Լեւոնեան (1872-1947).
Հայ Մշակոյթի անկորնչելի գանձերուն մեծավաստակ հետախոյզն ու տեսաբանը
։


Այս տարի (2011) Սեպտեմբերին լրացաւ մահուան 64րդ տարելիցը Հայ Մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման գործին մէջ հսկայական եւ մեծարժէք աւանդ ներդրած Գարեգին Լեւոնեանի։
Հայ աշուղական գրականութեան եւ երաժշտութեան հսկաներէն Աշուղ Ջիւանիի որդին էր Գարեգին Լեւոնեան, որ 75ամեայ իր կեանքին մեծագոյն մասը անմնացորդ նուիրաբերեց հայ երգի ու գրականութեան, հայ կերպարուեստի ու թատրոնի, հայ մամուլի եւ տպագրութեան անկորնչելի գանձերուն հետազօտութեան եւ գեղարուեստական ուսումնասիրութեան, յայտնաբերման ու գիտական արժեւորման՝ արուեստաբանի ու գրական-քննադատի իր վարակիչ օրինակով ամբողջ սերունդներ հասցնելով եւ թրծելով։

Գարեգին Լեւոնեան զաւակն էր հայ աշուղական արուեստի մեծանուն վարպետ Աշուղ Ջիվանիի։ Ծնած էր 6 Նոյեմբեր 1872ին, Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի)։ Ուսումը ստացած էր տեղւոյն Ս. Փրկչի դպրոցին մէջ, ապա՝ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած էր Ս. Փեթերսպուրկ, որուն Արուեստներու Ակադեմիան աւարտած էր 1897ին։
Կանուխ տարիքէն Գարեգին Լեւոնեան անյագ ծարաւ դրսեւորեց արուեստներու հանդէպ՝ յատկապէս նկարչութեան մէջ իր բնատուր ձիրքը արտայայտելով։ Փեթերսպուրկէն վերադարձին, դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ, ուր 1902էն մինչեւ 1906 Գեղարուեստի պատմութիւն եւ Նկարչութիւն դասաւանդեց։
Բայց ուսումը կատարելագործելու եւ եւրոպական մշակոյթին հետ մօտէն շփուելու մղումը հանգիստ չտուաւ Լեւոնեանի, որ 1906ին մեկնեցաւ Լայփցիկ, Գերմանիա, ուր եւրոպական արուեստներու ուսումնասիրութեան մէջ խորանալով, մանաւանդ փորագրութեան մարզին մէջ հմտանալով՝ արժանացաւ Արուեստաբանի փրոֆեսորական տիտղոսին։

1908ին վերադարձաւ հայրենիք եւ հաստատուեցաւ ատենի հայ մշակութային մեծ օճախ հանդիսացող Թիֆլիսի մէջ՝ հիմնադրելով եւ խմբագրելով «Գեղարուեստ» հանդէսը (1908¬22): «Գեղարուեստ»ը սոսկ թերթ մը չեղաւ, ուղղակիօրէն մշակութային մեծ շարժումի մը շարժիչ ուժը դարձաւ. ամբողջ տարիներ մեր ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը մշակեց, բարձրորակ արուեստի ստեղծագործական կրակը վառեց եւ, մանաւա՛նդ, մեծ ներդրում ունեցաւ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը մեր սերունդներուն ծանօթացնելու եւ ներշնչման աղբիւրի ու ազգային ինքնաճանաչողութեան հիմքի վերածելու սերնդակերտ գործին մէջ։
Թիֆլիսեան իր գործունէութեան ընթացքին, Գարեգին Լեւոնեան բացաւ նաեւ նկարչական դասընթացներու արուեստանոց եւ օրհնաբեր ներդրում ունեցաւ հայկական վարժարաններու համար նկարչութեան ուսուցիչներու պատրաստութեան մէջ։ Կազմեց եւ հրատարակեց դասագրքեր («Հայկական վայելչագրութիւն եւ գեղագրութիւն», Թիֆլիս, 1908, «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն», Թիֆլիս, 1909): Նաեւ երկու տարի, 1910էն 11, անձամբ նկարչութիւն դասաւանդեց Ներսիսեան դպրոցին մէջ։

Վրաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան վերջնական հաստատումէն ետք, Գարեգին Լեւոնեան տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ստանձնեց արուեստներու դասաւանդման պաշտօններ։ 1926էն 1928 դասաւանդեց Երեւանի Գեղարուեստական Արուեստանոցին (Տեխնիկում) մէջ, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն՝ Թատերական Հիմնարկի եւ Պետական Համալսարանի դասախօս եղաւ։
Գարեգին Լեւոնեան Հայաստանի մէջ եղաւ առաջին մշակութային գործիչը, որուն խորհրդային իշխանութիւնները շնորհեցին Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումը (1932): Իսկ 1934էն սկսեալ մաս կազմեց Գրողներու Միութեան՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելով։
Մեծարժէք արուեստաբանն ու գրականագէտը վախճանեցաւ 28 Սեպտեմբեր 1947ին, Երեւան։








All the contents on this site are copyrighted ©.