2011-10-18 12:13:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունեց Ասորի Մալապար Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսապետը։


17 հոկտեմբերին, երկուշաբթի օրը, Նորին Սրբուիթիւնը ընդունեց Ասորի մալապար եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ` գերերջանիկ Ժորժ Ալանշեռի եւ անոր ընկերացող շուրջ 200 հաւատացեալներ։ Սրբազան Հայրը քաջալերեց Ասորի մալապար եկեղեցւոյ անդամները շարունակելու իրենց համագործակցութիւնը Հնդկաստանի Քերալա նահանգի բոլոր կրօններու բարի կամք ունեցող անհատներու հետ, նոյնիսկ երբ այդ շրջանի քրիստոնեաներու կեանքը դժուարութիւններով լեցուն է քաղաքական խտրականութեան ու բռնութեան հետեւանքով։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց որ բարի համագործակցութիւն հաստատուի տեղւոյն կաթողիկէ եպիսկոպոսներու միջեւ։ Նշենք որ Ասորի մալապար եկեղեցին կը հաշուէ շուրջ 3,8 միլիոն հաւատացեալ, որոնց 2,6 միլիոնը բնակութիւն հաստատած են Քերալա նահանգին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.