2011-10-18 11:17:14

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին Զեկոյցը <<Նոր Աւետարանացում>> Նիւթին Մասին։


11 - 21 հոկտեմբեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները կը գումարեն իրենց տարեկան սիւնոդոսը Լիբանանի մէջ նախագահութեամբ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին։
Սիւնոդոսական նիստերուն ընթացքին շօշափուեցան ի մէջ այլոց` Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ընկերային Հաղորդամիջոցներու իրողութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները ու յատուկ ժամանակ տրամադրուեցաւ 2012ին՝ Վատիկանի մէջ 7 - 28 Հոկտեմբեր 2012 գումարուելիք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին որ ունի որպէս նիւթ “Նոր Աւետարանացումը”։
Այս առթիւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ելոյթ ունեցաւ ըլլայ սիւնոդոսի նիստերու` ըլլայ Նոր Աւետարանացումի նիւթերու մասին զոր այժմ լսելի կ՛ընենք։ RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.