Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս
Պատրիարքին Զեկոյցը <<Նոր Աւետարանացում>> Նիւթին Մասին։
11 - 21 հոկտեմբեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները կը գումարեն իրենց տարեկան սիւնոդոսը
Լիբանանի մէջ նախագահութեամբ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին։ Սիւնոդոսական նիստերուն ընթացքին շօշափուեցան
ի մէջ այլոց` Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ընկերային Հաղորդամիջոցներու իրողութիւնը եւ ապագայի
ծրագիրները ու յատուկ ժամանակ տրամադրուեցաւ 2012ին՝ Վատիկանի մէջ 7 - 28 Հոկտեմբեր 2012
գումարուելիք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին որ ունի որպէս նիւթ “Նոր Աւետարանացումը”։ Այս
առթիւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ելոյթ ունեցաւ ըլլայ սիւնոդոսի նիստերու` ըլլայ Նոր Աւետարանացումի
նիւթերու մասին զոր այժմ լսելի կ՛ընենք։