2011-10-17 12:34:20

Սէուտական Արաբիան Միջկրօնական Կեդրոն Մը Կը Կառուցէ Վիեննայի Մէջ։


Համաձայնագիրը կը ստորագրուի Վատիկանի ներկայացուցիչի ներկայութեամբ։
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլահ արքան հիմնած է միջազգային միջկրօնական ու միջմշակութային երկխօսութեան կեդրոն մը։ Կարտինալ Ժան Լու Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին ներկայիս Վիեննա կը գտնուի համաձայնագրին ստորագրութեան համար։ Համաձայնութիւնը ստորագրուած է Սէուտական Արաբիոյ, Աւստրիոյ եւ Սպանիայի միջեւ։ Վատիկանը մտադիր է իր նպաստը բերել այս կեդրոնին, որ բաց պիտի ըլլայ բոլոր կրօններուն ու դէտերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.