2011-10-17 12:37:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 16 հոկտեմբեր 2011-ի կէսօրին ` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Հաւատքի տարուան նշանակութեան՝՝ վրայ։ Պատշաճ է վերակոչել հաւատքի գեղեցկութիւնը եւ կեդրոնացումը միսիոնարական հեռանկարով, ըսաւ ան, վերահաստատելով իր կամքը, հաւատքի տարւոյն առիթ ստեղծելով՝ ամրապնդելու եւ զօրացնելու հաւատքը անհատական ու հասարակական մակարդակի վրայ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց որ նման տարի մը տեղի ունեցած էր 1967ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի կամքով, Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու նահատակութեան 19րդ դարադարձին առթիւ, մինչ մշակութային մեծ յեղաշրջումներ տեղի կ'ունենային։








All the contents on this site are copyrighted ©.