Երկուշաբթի 17 հոկտեմբեր2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Մոնկոլիայի նախագահը՝
տիար Էլպեկտորի։ Ասիկա առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին
մէջ կ'ընդունի մոնկոլ նախագահ մը։ Երջանկայիշատկ ՅՊԲ Քահանայապետը 2000-ին ընդունած էր
նախագահ Պականտին։ Մոնկոլիան՝ երկրագունդի ամէնին քիչ բնակիչ ունեցող երկիր է, եւ
անոր կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը նուազագոյնն է` միքանի հարիւր հոգիներ։Մոնկոլիան
կը գտնուի Չինաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ , Վատիկանի գնահատումով՝ կրօնական ազատութեան տեսանկիւնով
օրինակելի երկիր մըն է ։ Մոնկոլիայի ներկայ 48-ամեայ նախագահը, նախապէս երկու անգամ
վարչապետ նշանակուած էր։ Երկիրը` 1991ին որդեգրեց հանրավարական սահմանադրութիւնը, որ
եւ իր բնակիչներուն կ'երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւն։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը դիպետական
պուտտայականութեան հետեւորդ են։ Սուրբ Աթոռը, 1992-ի Ապրիլին՝ դիւանագիտական կապեր
հաստատած է Ուլան Պաթորի հետ։ Այդ թուականէն ասդին կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը տակաւ
առ տակաւ կ'աճի։ Ներկայիս Մոնկոլիայի մէջ կան տասնեակ առաքեալ քարոզիչներ 650 հաւատացեալի
վրայ։ Ներկայ թեմին վիճակաւորն է հայր Բատիլլան՝ Փիլիպպեանցի։ 2010-ին ընդունելով
Մոնկոլիայի նոր դեսպանը Վատիկանի մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնած է
Մոնկոլիայի կառավարութեան որովհետեւ նախանձախնդիր է կրօնական ազատութեան պահպանումին։
Մոնկոլիայի 2,7 միլիոն բնակչութեան 30 տոկոսը, վրանաբնակ են։ Անոր գլխաւոր կրօնքը պուտտայականութիւնն
է` բնակչութեան 60 տոկոսը, 9 տոկոսը մահմետական, որոնք ծագումով խազախ են։ Բնակչութեան
մէկ երրորդը կ'ապրի մայրաքաղաք` Ուլան-Պաթորի մէջ։