2011-10-17 12:33:02

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ։
Արշակ Ֆէթվաճեան (1863-1947). Հայոց Մշակութային Հարստութեան Մեծատաղանդ Նկարիչը .


64 տարի առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ, 84 տարեկանին կը վախճանէր հայկական արդի նկարչութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Արշակ Ֆէթվաճեան։
1890ականներէն սկսեալ, Արշակ Ֆէթվաճեան նկարչի իր տաղանդն ու արուեստաբանի իր հմտութիւնը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան անմահացումին։ Շրջեցաւ Հայաստանի տարածքին եւ գեղանկարներով ու գծանկարներով յաւերժացուց հայկական ճարտարապետութեան հոյակերտ՝ կանգուն մնացած թէ կիսաւեր կոթողները, հայոց ազգային տարազներն ու յուշարձանները։ Յատկապէս Անիի աւերակ կոթողները սքանչելի արուեստով ու ճշգրտութեամբ պատկերող ջրանկարներու իր շարքով՝ Արշակ Ֆէթվաճեան գագաթ մը նուաճեց հայկական արդի նկարչութեան մէջ։ Իսկ երբ հայ ժողովուրդը 28 Մայիս 1918ին նուաճեց իր անկախութիւնը եւ հիմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, մեծատաղանդ նկարիչը եղաւ հեղինակը Հայոց Պետականութեան առաջին թուղթէ դրամանիշներուն եւ նամակադրոշմներուն։
Հայաստանի անկախութեան կործանումն ու խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրումը պատճառ դարձան, որ Արշակ Ֆէթվաճեան իր հերթին տարագիր դառնայ։ 1920ականներու սկիզբը կարճ ժամանակով ապրեցաւ Փարիզ, ապա վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր անցուց իր կեանքին վերջին 25 տարիները։ Խորհրդայինները սեւ ցանկի վրայ դրին մեծատաղանդ հայ նկարչին եւ երկար տասնամեակներ հայրենի հայութիւնը չկրցաւ ըստ արժանւոյն ճանչնալ ու գնահատել իր արժանաւոր զաւակին։ Իր կեանքի վերջալոյսին Ֆէթվաճեան որոշած էր հայրենիք ներգաղթել, բայց հիւանդութիւնը խանգարեց։ Մեծարժէք նկարիչին կտակը եղաւ իր հաւաքածոն ու աճիւնը փոխադրել Հայաստան, ինչ որ իրականացաւ։

Արշակ Ֆէթվաճեան ծնած էր Տրապիզոն, 1863 թուի Հոկտեմբեր 1ին, հայ յաջողակ առեւտրականներու տոհմական յարկին տակ։ Նախնական ուսումը ստացաւ Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ, ապա՝ ուղարկուեցաւ Պոլիս, որպէսզի արուեստներու նկատմամբ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Կոստանդնուպոլսոյ Կայսերական Գեղարվեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղաւ 1887ին։ Այնուհետեւ մեկնեցաւ Հռոմ, ուր չորս տարի ուսանեցաւ Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ՝ աշակերտելով Չեզարէ Մաքքարիին։ 1891ին, ուսման աւարտին, մասնակցեցաւ Իտալիոյ նկարիչներու ազգային ցուցահանդէսին։ 1891էն մինչեւ 1895 Ֆէթվաճեան աշխատեցաւ Վիեննայի մէջ, ուրկէ անցաւ Սան Փեթերսպուրկ, մօտէն ծանօթացաւ ռուսական նկարչութեան արդի հոսանքին եւ դարձաւ Ռուսաստանի նկարիչներու ընկերութեան անդամ։
Բայց հայրենի հողի կանչը զինք բերաւ Անդրկովկաս, հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուրկէ ձեռնարկեց պատմական Հայաստանի տարածքին իր հետազօտական շրջապտոյտներուն։ Նկարեց հայկական հնագոյն յուշարձանները՝ ստեղծելով աւելի քան 2000 մատիտանկար ու ջրաներկ աշխատանքներ։ Ստեղծեց նաեւ հայ պետական գործիչներու, հայոց պատմութեան, դիցաբանութեան եւ ազգագրական թեմաներով աշխատանքներ, ինչպէս եւ՝ վերարտադրութիւններ կատարեց հայկական մանրանկարչութեան նմուշներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.