2011-10-17 12:34:04

Ամէն Տարի Փաքիստանի Մէջ Աւելի Քան Հազար Քրիստոնեայ Եւ Ինտու Պարմանուհիներ Կ'արեւանգուին, Կը Բռնաբարուին, Ու Կը Ստիպուին Մահմետականութիւնը Ընդունիլ։


Ամէն տարի Փաքիստանի մէջ աւելի քան հազար քրիստոնեայ եւ ինտու պարմանուհիներ կ'արեւանգուին, կը բռնաբարուին եւ պարտադրաբար իսլամ կը դառնան ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ։ Անոնցմէ շատերը պարտադրուած են մահմետական ամուսնութիւն կատարել, ուրիշներ ալ կը սպաննուին։ Այս է ցաւալի եւ ծանր հաշուեկշիռը որ կը հրապարակէ Փաքիստանի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբը։ Կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար տեղական դատարանը չի երաշխաւորեր արդար դատավարութիւն մը, ասիկա մեծ ու լուրջ թերացում մըն է երկրին համար։ Փաքիստանի մէջ կիներու 8 տոկոսը միայն դաստիարակութիւն կը ստանայ եւ ծնանելիք աղջիկ զաւակը յաճախ վիժումի զոհ է։ Քրիստոնեայ պարմանուհիները յաճախ բռնաբարուած են, որովհետեւ կը պատկանին փոքրամասնութեան։ Անոնք տկար ու անպաշտպան են։ Եթէ լռութիւն չպահեն անոնց ընտանեկան պարագաները հալածանքի կ'ենթարկուին, այսպէս կը հաղորդագրէ ֆիտես կաթողիկէ լրատու գործակալութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.