2011-10-15 12:38:21

Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Պլոկ Մը Բացած Է։


Կարտինալ Ռավազի` նախագահը Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի համացանցի ՜՜պլոկ՝՝ մը բացած է, հրապարակելու իր ստացած օժանդակութիւնը "Il Sole 24 Ore" անուան իտալական օրաթերթի կայքէջին վրայ։ Պլոկին վերանգիրն է ''խօսք եւ խօսքեր''։ Կարտինալին նպատակն է հաղորդակցութեան մէջ մտնել համացանցի ընթերցողներուն հետ, փոխանակելով իր մտածումներն ու տպաւորութիւնները ու պատասխանելով անոնց հարցումներուն։ Անցեալ մայիսին Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդը հրաւիրած էր 150 ընթերցողներ երկխօսութիւն հաստատելու Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ինք՝ կարտինալ Ռավազի անձամբ մասնակցած էր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.