2011-10-15 12:57:16

Իլ Տը Ֆրանսէն Հայաստան Ժամանած Պատուիրակութիւնը Հանդիպած Է Երեւանի Քաղաքապետին ։


Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան, Հոկտեմբեր 13ին հանդիպած է ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս նահանգի նախագահի տեղակալ Ֆիլիփ Քալդընպախի գլխաւորած պատուիրակութեան: Ողջունելով ֆրանսացի գործընկերները՝ քաղաքապետը նշած է, որ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւնները այսօր շատ բարձր մակարդակի վրայ են, ինչ որ պէտք է նպաստէ տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել աշխուժացման եւ գործարար շրջանակներու հետ գործնական շփումներու սերտացման:
Ֆիլիփ Քալդընպախ, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով վերապահուած ընդունելութեան համար՝ քաղաքապետին ներկայացուցած է այն ոլորտներն ու ուղղութիւնները, որոնց մէջ ֆրանսական կողմը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու, մասնաւորապէս՝ Երեւանը 2012ի Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք հռչակելու առնչութեամբ:
Քալդընպախ նշած է, որ իրենք կարեւոր կը համարեն Իլ տը Ֆրանսի ներգրաւածութիւնը Երեւանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, եւ կ՛ակնկալեն, որ Իլ տը Ֆրանսը իր ուրոյն դերը ունենայ Հայ-ֆրանսական համագործակցութեան ծիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.