2011-10-15 12:56:10

Գերապայծառ Հինտեր Կը Դատապարտէ Արեւմուտքի Ընտրողական Քաղաքականութիւնը Հանդէպ Արաբական Երկիրներու։


Վատիկանի մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով գերապայծառ Հինտեր` առաքելական դսեպանը Սէուտական Արաբիոյ եւ Ապու Տապիի մօտ, ''ոչ հաւատալի'' որակած է արեւմուտքի երկիրներու քաղաքականութիւնը արաբական երկիրներու հանդէպ ։ Գերապայծառ Հինտեր Հռոմ կը գտնուէր մասնակցելու արաբական շրջանի լատին եպիսկոպոսներու տարեկան ժողովին։ Դատապարտելով արեւմուտքի քաղաքականութիւնը, զուիցերացի եպիսկոպոսը, կ'այպանէ որ յանուն մարդու իրաւունքներուն քաղաքականութիւնը կամայականօրէն կը կիրարկուի, քանի որոշ երկիրներու հանդէպ վճռական քայլեր կ'առնէ եւ ճկուն է ու կամ չտեսնելու կու գայ այլ երկիրներու մէջ, մարդու իրաւունքներու բռբնաբարումը։
Գերապայծառ Հինտերի գնահատումով՝ Արեւմուտքի քաղաքագէտները պէտք է որ աւելի արդար ըլլան։
Յայտնենք որ արաբական շրջանի լատին եպիսկոպոսներու տարեկան ժողովին աւարտին, ժողովականները ընտրեցին որպէս քարտուղար՝ գերապայծառ ֆէլէ որ կը պաշտօնավարէ Ս. Երկրին մէջ, որպէս պատասխանատու՝ լատին, հայ, գաղտիացի եւ ղպտի հաւատացեալներուն ընկերային ու կրթական մարզերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.