2011-10-14 13:25:28

Քահանայապետական Անուանում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց 54-ամեայ գերապայծառ Թակլէն՝ առաջնորդը Մանիլի արքեպիսկոպոսական թեմին։ Ան կը յաջորդէ 79-ամեայ կարտինալ Ռոզալեսին, որ իր յառաջացած տարիքին համար իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Սրբազան Հօր։ Յայտնենք որ Մանիլի առաջնորդը երկրին մէջ քաղաքական մեծ դեր կը կատարէ։ Նշենք նաեւ՝ որ Փիլիպպեան կղզեխումբը արեւելեան Թիմորին հետ միասին Ասիոյ միակ երկիրն է, ուր կաթողիկէութիւնը կը գերիշխէ։ Անոր բնակչութեան 75 տոկոսը կաթողիկէ են։ Մանիլի թեմը հիմնուած է 1579-ին։ 1595ին արքեպիսկոպոսական թեմ եղած է։ Ունի շուրջ երեք միլիոն կաթողիկէներ, 652 քահանաներ, 3 սարկաւագներ եւ 1.481 կրօնաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.