2011-10-14 13:26:10

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնանք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին առթիւ՝ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք ՜՜Հինտի՝՝ յայտագրին մասին։
Այսօրուայ դրութեամբ Ռատիօ Վատիկանը իր հաղորդումները կը սփռէ 45 լեզուներով, անոնց մէջ նաեւ հնդկաստանի մէջ խօսուած 5 կարեւոր լեզուներով ու բարբառներով հաղորդումները՝ Հինտի - Անգլերէն - Թամիլ - Մալայալամ եւ Ուրտու։ Այս լեզուներով հաղորդումներու մէկնակէտը եղաւ 1964ին՝ Պիոս Զ Քահանայապետին Հնդկաստան այցելութեան ընթացքին, Սուրբ Հաղորդութեան Համաշխարհային Վեհաժողովի առթիւ։ Արդարեւ այդ թուականէն մի քանի ամիս ետք 1965-ի մայիսին Ռատիովատիկանը սկսաւ սփռել նաեւ դէպի հնդկաստան Հինտի - Թամիլ եւ Մալայալամ լեզուներով, մինչ Անգլերէնը արդէն կը սփռուէր 1958 էն ի վեր ։
Առաջին շրջանին, Հինտի լեզուով հաղորդումները կը սփռուէին շաբաթը երկու անգամ։ 1986-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ-քահանայապետի Հնդկաստան կատարելիք այցելութեան նախօրեակին, կարիքը զգացուեցաւ ամենօրեայ սփռումներու, եւ 31 յունուար 1986-ին հայր Կզավիէ Րայանի ջանքերով հաղորդումները դարձան օրական եւ 1993-էն ասդին 20 վայրկեան տեւողութեամբ Հինտի Լեզուով հաղորդումները կը սփռուին Վատիկանի ձայնասփիւռէն։
Հնդկական յայտագիրը` Ռատիո վատիկանի ու Հնդիկ ունկնդիրներուն միջեւ կապերը դիւրաձնելու նպատակով զանազան գրասենեակներ հաստատեց հնդկաստանի մէջ։ Առաջինը՝ 1982-ին, Քէննայի մէջ։ Այս գրասենակները այսօր եւս մեծ դեր ունին ու ամսաթերթի միջոցաւ կը շարունակեն կապեր հասատատել ունկնդիրներուն հետ, նշենք անոնցմէ՝ Ժանխանտի գրասենեակը, որ 4000 ունկնդիրներու հետ կապեր ունի։

Հինտի Յայտագիրները այսօր 20 վայրկեան տեւողութեամբ յատագիրներ են. անոնք կը կրկնուին նաեւ՝ յաջորդ օրը կանուխ որ բաժնուած են երկու մասերու։ Առաջին մասը` 14 վայրկեան տեւողութեամբ հաղորդաշար մըն է բաժնուած՝ զանազան նիւթերու, մինչ երկրորդ մասը 6 վայրկեան տեւողութեամբ՝ եւ կը կեդրոնանայ օրուան լուրերուն վրայ։ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Ճամբորդութեան ընթացքին, անշուշտ յայտագիրները փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին։
Բացի Ռատիոժամի հաղորդումները, Հինտի լեզուի խմբագրութիւնը, ինչպէս Ռատիովատիկանի միւս խմբագրութիւնները, ունի կայքէջ մը ինչպէս նաեւ օրաթերթ մը։ Այս վերջինին հրատարակութիւնը սկիզբ առած է 1999ին Հայր Ժաստին Թիրքէյի նախաձեռնութեամբ։
Հինտի Լեզուի Խմբագրական կազմը հպարտ է ծառայելու՝ Սրբազան Հօր, ու սփռելու անոր ձայնը ու եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը աւելի քան 600 միլիոն Հինտի լեզուն խօսող մարդոց։
Կ՝աղօթենք Աստուծոյ որ մեզի պարգեւէ ուժ ու կարողութիւն կերտելու աշխարհ մը հարուստ քրիստոնէական եւ մարդկային արժէքներով` աւելի լաւ աշխարհ մը բոլորիս համար (կը կարդանք Հինտի լեզուով սփռուող հաղորդումներու պատասխանատուներուն տուած տեղեկութեանց մէջ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.