2011-10-14 13:23:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կ'ողջունէ Հոնտուրասի Քաղաքական Կայունութիւնը։


Առաջին անգամուան համար ընդունելով Հոնտուրասի հանրապետութեան նախագահ տիար Սոզան, Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց այս երկրին` Կեդրոնական Ամերիկայի կայունութիւնը, շարք մը պետական հարուածներէն յետոյ։
Նախագահ Սոզա 20 վայրկեան առանձնական խօսակցութիւն ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ, որուն աւարտին նախագահը Սրբազան Հօր ներկայացուց իրեն ընկերացող շքախումբը։ Ապա Հոնտուրասի նախագահը տեսակցութիւն ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն ՜՜ Հոնտուրասի միջազգային կապերը բարւոքած են, հարկաւոր է օգնել այս երկրին որպէսզի բնակիչներու միջեւ ամրապնդուի հաշտութիւնը, փոխադարձ հասկացողութիւնը, զօրակցութիւնը եւ խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.