2011-10-14 13:07:15

Հայաստան Իր Կապերը Պիտի Ամրացնէ «ԻՆԹԸՐՓՈԼ»ին Հետ .


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 13 Հոկտեմբերին ընդունեց Քրէական Ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան («Ինթըրփոլ») ընդհանուր քարտուղար Ռոնալտ Քենեթ Նոպլը:
Ողջունելով հիւրը` նախագահը նշեց, թէ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Քրէական Ոստիկանութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Համաշխարհային առաքելութիւնը: Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստան առանցքային կը նկատէ կազմակերպութեան դերը ոճիրներուն դէմ պայքարին իմաստով, ուստի կ՛ուզէ աւելի խորացնելու իր յարաբերութիւնները «Ինթըրփոլ»ի հետ:

Իր կարգին Քենեթ Նոպլի նշեց, որ Հայաստանն ու «Ինթըրփոլ»ը իրարու կապող օղակը` Ազգային Կեդրոնական Բիւրոն է, որ մեծ հեղինակութիւն ունին կազմակերպութեան մէջ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ինթըրփոլ»ի ընդհանուր քարտուղարութեան` Ազգային Կեդրոնական Բիւրոյին մնայուն աջակցութեան համար եւ ընդգծեց, որ ոճիրի դէմ պայքարի գործին մէջ համագործակութիւնը անհրաժեշտութիւն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.