2011-10-13 14:01:48

Պանկլատէշի Կառավարութեան Ու Միջազգային Մարդասիրական Այլ Կազմակերպութիւններու Բողոքը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ 8 Հոգիներու Գլխատումին Դէմ։


Բազմաթիւ ձայներ բարձրացան Պանկլատէշի մայրաքաղաք` Տաքքայի մէջ, բողոքելու 8 պանկլատէշցիներու գլխատումին դէմ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ ՜՜Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն'' յանձնախումբի տեղական պատասխանտուն, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու զանազան պաշտպան կազմակերպութիւնները, դատապարտեցին գլխատումի վճիռը, զայն որակելով հակամարդակային արարք մը։
Ութը հոգիները, Սէուտական Արաբիոյ ատեանէն ճանչցուած են՝ գողութեան ու մարդասպաննութեան յանձանքով, անոնք հրապարակաւ գլխատուեցան 7 հոկտեմբերին շաբաթական աղօթքին աւարտին։
Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները, տեղեկացուցած են Պանկլատէշի դեսպանատունը գլխատումի աւարտին, եւ մերժած են անոնց մարմինները յանձնել Պանկատէշի կառավարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.