2011-10-13 14:01:28

Եգիպտոսի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Կը Յանձնէ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։


Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Մոհամատ Ալա ալ Տին Սաատ ալ Լէիս:
Այս առթիւ երկուստէք ընդգծուեցան, որ հայ-եգիպտական կապերը, երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնն ու փոխադարձ համակրանքը սկիզբ առած են դարերու խորքէն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Կարեւոր համարուեցաւ նաեւ քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն զուգահեռ տնտեսական, մշակութային կապերը եւս զարգացնելու եւ խորացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշելով, որ իր նշանակումը կը համընկնի այն ժամանակահատուածին, երբ ՀՀ կը տօնէ անկախութեան 20րդ տարեդարձը, Եգիպտոսի նոր դեսպան Մոհամատ Ալա ալ Տին Սաատ ալ Լէիս շնորհաւորեց Հայաստանն ու Սերժ Սարգսեանը եւ մաղթեց յառաջիկայ յաջողութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.