2011-10-12 14:16:08

Հերման Էհլերս Հիմնադրամի Պատուիրակութան Այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան 10 հոկտեմբերին, ընդունեց Գերմանիոյ Հերման Էհլերս քաղաքական հիմնադրամի ներկայացուցիչները։ Պատուիրակութիւնը, որու մաս կը կազմէին նաեւ Գերմանիոյ Շլեսուի-Հոլշտայն նահանգի խումբ մը պետական գործիչներ, համալսարանի փրոֆէսէօրներ եւ դպրոցներու տնօրէններ, Հայաստան ժամանած էր, ծանօթանալու՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութեան հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանութեան գործին մէջ։
Յովակիմ եպիսկոպոսը ներկայացուց անոնց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու աւանդութիւնները, անդրադառնալով յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ Խորհրդային իշխանութեան շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ կրած դժուարութիւններուն եւ այսօր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր առաքելութիւնը լիարժէք իրականացնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։
Յովակիմ Սրբազանը գոհունակութեամբ ներկայացուց նաեւ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին մէջ Եկեղեցու կողմէ ՀՀ անկախութեան շրջանին արձանագրած յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները, ընդգծելով՝ սակայն, որ բազում են ժամանակի մարտահրաւէրները եւ զանոնք յաղթահարման գործին մէջ բազմաթիւ են հոգեւոր սպասաւորներու պարտականութիւնները։
Ի պատասխան պատուիրակութեան անդամներու հարցումներուն, Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն Քրիստոնէական այլ Եկեղեցիներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.