2011-10-12 14:12:25

Կարտինալ Գոմասդրի Կը Ոգեկոչէ Աստուծոյ Ծառայ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի Յիշատակը, Անոր Մահուան Տարելիցին Առթիւ։


Կիրակի 9 հոկտեմբերին, Աստուծոյ ծառայ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի մահուան տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Կարտինալ Գոմասդրիի, աւագերեցը Ս. Պետրոս տաճարին։ Ծիրանաւորին հետ համապատարագեց կարտինալ Ճորճի` երբեմնի առաջնորդը Բալերմօ թեմին։ Իր արտասանած քարոզին մէջ կարտինալը մատնանշեց որ ՜՜Պիոս ԺԲ եղաւ Աստուծոյ ճշմարիտ մարդը եւ իր քահանայապետութեան բոլոր տարիներուն օգնութեան հասաւ տկարին եւ կարօտեալին։ Անվերապահօրէն դատապարտեց պատերազմը եւ պաշտպանեց նացցիներու թիրախ հրեաները՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.