2011-10-12 12:44:06

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան (1814-1865).
Հայ Դպրութեան Հաւատաւոր Պահապանը։



146 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ կը վախճանէր Հայ Դպրութեան հաւատաւոր պահապաններէն Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան։
Օրմանեան Պատրիարք, իր «Ազգապատում»ի երրորդ հատորին մէջ, առանձին գլուխ մը նուիրած է Հայ Եկեղեցւոյ լայնախոհ ու յառաջդիմական այս նուիրեալին։ Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան ոչ միայն իր կենդանութեան, այլեւ յետ մահու իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ հայոց Ազգային Զարթօնքի հունաւորման մէջ։
Թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ եւ անբուժելի հիւանդութեամբ վախճանեցաւ 51 տարեկանին, բայց համակ եռանդ ու նուիրում եղաւ Շահնազարեան Վարդապետի կեանքը՝ ի սպաս հայոց հաւատքի եւ ազգային արժէքներու պահպանման, զարգացման ու պաշտպանութեան։ Իսկ յետ մահու, ժրաջան այս հոգեւոր հովիւին կտակը հիմք ծառայեց Պոլսոյ հայաբնակ թաղամասերէն Խասգիւղի մէջ երախտաշատ կրթական օճախի մը՝ մեծահռչակ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարանի հիմնադրութեան։
Կարապետ վարդապետ ծնած էր 1814ին, Պարսկաստանի Համատան քաղաքը։ Կուսակրօն ձեռնադրուած էր Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի կողմէ, որուն գնահատանքով ու քաջալերանքով բարձրագոյն ուսման հետեւած էր Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ։ Ուսման աւարտին վերադարձած էր Թիֆլիս, ուր ստանձնած էր Ներսիսեան վարժարանի վերատեսչութիւնը։
Պահպանողականութեան դէմ իր ծաւալած պայքարին ու ազատախոհ գաղափարներուն համար, Շահնազարեան Վարդապետ կորսնցուց Ներսէս Աշտարակեցիի սկզբնական հովանաւորութիւնը, նոյնիսկ հալածուեցաւ Կաթողիկոսին կողմէ։ Ստիպուած՝ 1849ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Յակոբոս Պատրիարքին կողմէ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչ նշանակուեցաւ։ Ունեցաւ ազգային, հասարակական ու եկեղեցական բեղուն գործունէութիւն, բայց պահպանողականներու հալածանքը միշտ հետեւեցաւ իր քայլերուն։ Օրմանեան Պատրիարք մանրամասն կը պատմէ Տէրոյենց Պատուելիին կողմէ Շահնազարեան Վարդապետին հասցէագրուած «անհաւատութեան» վերագրումին մասին։ Հակառակ անոր, որ երեք անգամ եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ կազմուած խառն յանձնաժողովներու առջեւ Տէրոյենցի ամբաստանութեանց դէմ յաջողապէս պաշտպանեց իր հաւատքն ու գաղափարները, այսուհանդերձ՝ Տէրոյենց բնաւ չդադրեցուց հրապարակային իր քննադատութիւնները լայնախոհ Վարդապետին դէմ։
Ճարահատ՝ Շահնազարեան 1853ին փոխադրուեցաւ Փարիզ, ուր ծաւալեց գրական, հրատարակչական, կրթական եւ հոգեւորական լայն գործունէութիւն։ Հիմնեց տպարան եւ լոյս ընծայեց հայ մատենագիրներու երկերը։
Ապա անցաւ Անգլիա՝ Մանչեսթըր, ուր ստանձնեց տեղւոյն գործարար հայերէ կազմուած գաղութին հոգեւոր հովիւի պատասխանատուութիւնը։ Իր հօտին կողմէ սիրուած ու յարգուած կղերականը արժանացաւ նաեւ Մանչեսթըրի մեծահարուստ հայերու նիւթական աջակցութեանց, մանաւանդ որ ի յայտ եկած էր իր անբուժելի հիւանդութիւնը։ Ապաքինման յոյսով մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր մօտէն ծանօթացաւ եւ գործակցեցաւ տեղւոյն փոխարքայութեան նախարար Նուպար Նուպարեանի հետ։
Շահնազարեան Վարդապետ վախճանեցաւ 1865ի Օգոստոս 29ին, Պոլսոյ մէջ, ուր այդ օրերուն Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեան կրթական բեղուն գործունէութիւն ծաւալած էր։
Զուգադիպեցաւ, որ Ներսէս Եպիսկոպոս Պատրիարքարանին կողմէ իբրեւ քննիչ ղրկուի Եգիպտոս (տեղւոյն առաջնորդ Քէֆսիզեան Մկրտիչ Եպիսկոպոսի հետ կապուած հարցի մը քննութեան համար)։ Ներսէս Վարժապետեան տեղեկանալով Շահնազարեանի կտակին մասին, դիմեց Նուպար Փաշային, որպէսզի իր կարգին նուիրատուութիւն աւելցնէ կտակին վրայ եւ հիմը դրուի կրթական նոր օճախի մը՝ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարան անուանելով զայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.