2011-10-12 14:14:34

ԷՈՒՐՕ -2012։ Սպանացի Իրաւարարի Ակնբախ Սխալի Պատճառով Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Դուրս Կը Մնայ Մրցաշարքէն։


Երէկ գիշեր տեղի ունեցան Էուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի վերջին հանգրուանի մրցումները։ Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրն էր Այիրի, յաղթանակի մը պէտք ունէր` գրաւելու համար խմբակին երկրորդ դիրքը, փլէյ-օֆի տոմս մը ապահովելու դիտաւորութեամբ :
Սակայն դժբախտաբար ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: 26-րդ վայրկեանին խաղի սպանացի իրաւարարը` Էտուարտօ Իթուրալտէ Կոնզալես, գործեց ակնբախ սխալ մը, երբ Հայաստանի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ան փոխանակ այդ կարմիր քարտը տալու այիրցի խաղացող Սայմըն Քոքսի, որ ձեռքով դպաւ գնդակին, այդ մէկը տուաւ Պերեզովսքիին ըսելով որ ան մեծ քառակուսիէն դուրս գնդակին դպած էր ձեռքով: Սակայն վիտէօ-երիզի կրկնութիւնները ցոյց տուին, որ գնդակը դպած էր անոր միայն կուրծքին:
Բայց մենք նոյնպէս կը շնորհաւորենք Հայաստանի ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը,սպասելով ապագայի յաղթանակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.