2011-10-12 14:06:02

Արեւելքի Լատին Եպիսկոպոսներու Տարեկան Հանդիպումը 11-13 Հոկտեմբեր, ''Արաբական Գարունը'' Նիւթին Մասին։


Արաբական շրջանի լատին եպիսկոպոսները Հռոմի մէջ կը կատարեն իրենց տարեկան հանդիպումը,. ունենալով որպէս բանակցութեան նիւթ ''Արաբական Գարունը'' եւ անոր հետեւանքները։
Այս հանդիպումը առիթ կու տայ լատին եպիսկոպոսներուն իրենց թեմերու կացութեան մասին խօսելու եւ հարցերը քննարկելու։
Արդարեւ ՜՜արաբական գարունի՝՝ հետեւանք, այդ աշխարհամասը ներկայիս կը ճանչնայ ՜՜բռնութիւն, խտրականութիւն ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական եւ ընկերային անկայունութիւնը՝՝։
Նոյնպէս եպիսկոպոսները կ'անդրադառնան. ՜՜Պաղեստինի պետութեան՝ ՄԱԿին անդամակցելու խնդրագրին, Գահիրէի ղպտիներու ցոյցին եւ 24 հոգիներու սպաննութեան բանակի կողմէ եւ հուսկ միջ-դաւանական լարուածութեան հրահրումին Ս. Երկրին մէջ(կը կարդանք Երուսաղէմի պատրիարքութեան համացանցին մէջ)։ Եպիսկոպոսները նաեւ կը շօշափեն ՜՜քրիստոնէական հաւատքը հաղորդելու՝ Նոր Աւետարանութիւն նիւթը, որ ուսումնասիրութեան առարկայ պիտի դառնայ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներու կողմէ 2012-ի հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ։
Նշենք որ Արեւելքի լատին եպիսկոպոսներու խորհուրդը հիմնուած է 1963-ին։
Անոր մաս կը կազմեն Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութիւնը եւ Միջին Արեւելքի Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Քուէյթի, Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ ճիպութիի լատին եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.