2011-10-11 12:49:47

Փարիզէն եւ Պոլոնիայէն ետք ''Հեթանոսներու Գաւիթը'' կոչուած նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պուխարեսթի մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ''Հեթանոսներու Գաւիթ'' առաքելական այս կառոյցը վստահած է կարտինալ Ռավազիի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։ Անոր նպատակն է կլոր սեղանի շուրջ հաւախմբել հաւատացեալն ու ոչ հաւատացեալը։
Երեքշաբթի 11 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, մայրաքաղաքի համալսարանին մէջ տեղի կ'ունենայ հրապարակային բանավէճ մը` մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ռավազիի եւ ռումէն համալսարանի տնօրէն եւ գրագէտ Բադավիէչի միջեւ։
Իսկ չորեքշաբթի օրը`12 հոկտեմբերին, երկխօսութիւն մը նախատեսուած է կարտինալ Ռավազիի եւ ռումանացի խումբ մը հալասարականներու հետ։
''Հեթանոսներու Գաւիթ''ը, երկխօսութեան նոր դաշտ մըն է հաւատացեալի եւ ոչ հաւատացեալի միջեւ, նախաձեռնուած Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի քաջալերանքով, յետ 2009ին՝ անոր Փրակա կատարած առաքելական ճամբորդութեան։
Անոր նպատակն է՝ ստեղծել երկխօսութեան միջավայր մը, անոնց հետ` որոնց համար ՜՜կրօնքը՝՝ օտար բան մըն է, ՜՜Աստուած՝՝ անծանօթ մըն է, եւ սակայն անոնք չեն ուզեր մնալ առանց Աստուծոյ։
''Հեթանոսներու Գաւիթ'' անունը եկած է Երուսաղէմի տաճարի գաւիթէն, որ վերապահուած էր ոչ-հրեաներուն։ ''Հեթանոսներու Գաւիթ''ի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Փարիզ, 24 եւ25 մարտ 2011-ին։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ունեսքօ, Սորպոնի համալսարանը եւ ֆրանսական կաճառը։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի գաւիթը եւ որուն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր միջամտութիւնը բերաւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ։










All the contents on this site are copyrighted ©.