2011-10-11 12:49:09

Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը Կը Դատապարտէ Գահիրէի Մէջ Ղպտիներու Դէմ Մղուած Բռնութիւնները ։


Կարտինալ Սանտրի՝ կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, խստիւ դատապարտեց քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքն ու բռնութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Գահիրէ, 9 հոկտեմբերին։
Քրիստոնեայ ղպտիները ցոյց կատարած են, պահանջելով կրօնի ազատութեան իրենց իրաւունքը։ Անոնք ամիսներէ ի վեր թիրախ են մոլեռանդ մահմետականներուն։ Կարտինալ Սանտրի իր զօրակցութիւնը յայտնած է օրթոտոքս ղպտիներուն ու իր ցաւակցութիւնը յայտնած զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։
Յայտնենք որ աւելի քան 24 հոգիներ մեռած են բախումներու ընթացքին ոստիկանութեան հետ։
Գահիրէի քրիստոնեաները խաղաղ բողոքի ցոյց կը կատարէին, Ասուանի մէջ, մահմետականներու կողմէ՝ եկեղեցւոյ մը քանդումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.