2011-ը՝ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ (Հռչակուած Արամ Ա. Վեհափառի Կողմէ) ։ ՝՝ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ՝՝ ։ «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»: Առակաց
22: 6
Հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացը պէտք է զարգանայ` հիմնուելով
հետեւեալ հարցումին վրայ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»: Հայկական իրականութենէն
մեկնելով `անպայման հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ
մանուկը»: Պատասխանը պարզ է. որպէսզի ունենանք եւ պատրաստենք հայ նոր սերունդը`այսօրուան
համար, բայց անպայման վաղուան համար` իր ամբողջական մշակոյթի ժառանգորդի հասկացողութեամբ:
Հայուն ամբողջական մշակոյթը իր ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու
գրականութիւն. աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, նաեւ` քրիստոնէական հաւատքը:Կարելի
չէ հայը պատկերացնել միայն ազգային ինքնութեամբ` առանց ներառելու քրիստոնէական հաւատքը,
նաեւ կարելի չէ հակառակը ընել :
Եթէ այսօր պիտի խօսինք հայուն քրիստոնէական
հաւատքին, նկարագիրին ու ինքնութեան մասին, ապա կարելի չէ այս մէկը ընել առանց հիմնաւորելու
Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը մեր սերունդներուն դաստիարակութեան մէջ: Հայ ժողովուրդի
պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Աստուածաշունչը եղաւ կարեւոր հիմքերէն մին մեր ամբողջական
մշակոյթի հասկացողութեան մէջ: 301թուականին հայը ընդունեց քրիստոնէութիւնը` որպէս պետական
կրօն եւ դարձաւ ՝՝առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը՝՝: Սակայն կարիք զգացուեցաւ հայերէն գիրեր
ունենալու, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանուի հայերէնի եւ հայը արմատանայ իր քրիստոնէական
հաւատքին մէջ, եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»:
Աստուածաշունչի դերին եւ կարեւորութեան մասին խօսելու համար պէտք է հիմք ունենանք
պատմական իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները: Եւ հոս կ՛արժէ անդրադառնալ հայերէնով
տրուած անունին` Աստուածաշունչ , այսինքն`Աստուծոյ շունչը, իսկ պարզ է այն, որ շունչը
կեանք է, առանց որուն` կարելի չէ ապրիլ: Եթէ հայ մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչով
,ուրեմն Աստուծոյ շունչը պիտի սրսկենք անոր վրայ, անոր հոգիին եւ մատղաշ կեանքին մէջ
պիտի սերմանենք Աստուծոյ շունչը: Իսկ ո՞վ պիտի ընէ այս մէկը. ծնողք, մեծ ծնողք, ընտանեկան
յարկ, եկեղեցի եւ դպրոց: Իրարու առնչուած եւ իրարմով ամրապնդուող օղակներ, որոնք պիտի
կազմեն մանուկին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, այլ խօսքով `Աստուածաշունչի դաստիարակութեան
հիմերը: