2011-10-10 13:46:00

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բազմիցս Խօսած Ծանօթ Թուրք Հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի Որդին՝ Տենիզ Զարաքօլու ։


Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «bianet» կայքէջը, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի դասախօս Տենիզ Զարաքօլու ձերբակալուած է Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան (PKK) քաղաքային թեւը հանդիսացող «Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան» (KCK) դէմ իրականացուած գործողութեան ծիրէն ներս :
Իր զաւկի ձերբակալութեան ամբաստանութեան դէմ հանդէս եկած է Ռակըպ Զարաքօլու նշելով, թէ իր որդին ձերբակալուած է «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան, քաղաքական ակադեմիոյ մէջ քաղաքագիտութեան թեման դասաւանդած ըլլալուն համար։
Ինչպէս ծանօթ է Զարաքօլուն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի մերժողականութեան դէմ պայ-քարող մտաւորականներէն է Թուրքիոյ մէջ։ Ան իր գործունէութեան եւ հրատարակած գիրքերուն համար յաճախ հետապնդուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.