2011-10-10 13:33:18

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի Նշում Պէյրութի Եւ Դամասկոսի Մէջ։


Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբերին Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, նշուեցաւ Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը որուն ներկայ եղան Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ, տեսչութեան անդամներ եւ հիւրեր։ Արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու՝ Տիկ. Կարինէ Թաշճեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ լիբանանահայ գաղութին քաջածանօթ լրագրող ու հասարակական գործիչ, Պր. Սարգիս Նաճարեանը որուն խօսքը եղաւ իւրայատուկ եւ այժմէական. եւ որ սկիզբ առաւ անձնական կեանքէն պատմական ակնարկով մը։
Ան ըսաւ «1969-ին, երբ նոր բացուած էր Պէյրութ-Երեւան օդանաւային չուերթը, ու ես եղայ լիբանանահայ չորս լրագրողներու շարքին, որոնք հրաւիրուեցան հայրենիք։ (Նշենք որ Պրն Նաճարեան աւելի քան 50 տարիէ կը գործէ լրատուական ասպարէզին մէջ)։
Հոն ( ըսաւ ան) ես բախտը ունեցայ հարցազրոյց մը ունենալու հայ գեղանկարչութեան նահապետին՝ այն ատեն արդէն 92-ամեայ Մարտիրոս Սարեանին հետ։ Երբ վարպետին հարցուցի, թէ երբ վերադառնամ սփիւռք՝ Լիբանան, ի՞նչ պատգամ տանիմ լիբանանահայ երիտասարդութեան, ան ըսաւ. «կ՛երթաս կ՛ըսես, թող ամուր կառչին իրենց հայ ինքնութեան արժէքներուն, որոնց գլխաւորը՝ հայ լեզուն է»։ Սարեանին պատգամը այսօր ի զօրու է աւելի քան երբեք, (շարունակեց բանախօսը, ապա աւելցուց) միայն լեզուն չէ մեր գոյութեան հիմնասիւնը, այլ հայ մշակոյթը, աւանդութիւնները, մեր վարքն ու բարքը, մեր կենցաղը։ «Ինքնութիւնը առօրեայ ապրում է»։
Խօսելով աշխարհատարած աւելի քան 10 միլիոն հայութեան մասին, ան յորդորեց ներկայ աշակերտութեան միշտ հաղորդակից մնալ սփիւռքի բոլոր գաղութներու ազգային կեանքին, առաւել եւս՝ հայրենի իրականութեան հետ։
Դասախօսը նաեւ յատուկօրէն անդրադարձաւ հայրենի պետականութեան վերանկախացման 20-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւններուն, յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուած համաժողովին, որ կը վայելէր հայրենի պետականութեան հոգածութիւնը եւ 20-ամեակին նուիրուած զինուորական շքահանդէսին, որուն ընթացքին հայրենի պետութիւնը փաստեց, որ 20 տարիներու ընթացքին իսկապէս ձեռք ձգած է անասելի մեծ նուաճումներ։
Այս առթիւ վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մարինէ Հալլաճեան ասմունքեց «Հայ Լեզուին» վերնագրով բանաստեղծութիւնը։
Հուսկ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնը Պր. Կրէկուար Գալուստ, այս իւրայատուկ եւ մատչելի ոճով դասախօսութեան համար եւ ուրախութիւն յայտնեց աշակերտներու ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ մասնակցութեան։
Իսկ Դամասկոսի մէջ, հովանաւորութեամբ Արհի. Յովսէփ եպ. Առնաւութեանի՝ առաջնորդը Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց եւ կազմակերպութեամբ՝ ՀԿՄ Տիկնանց վարչութեան երկուշաբթի 10 Հոկտեմբերին հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը , ՜՜Պատկերներ հայ-արաբական թարգմանական շարժումէն ՝՝ նիւթին մասին, զոր ներկայացուց Դոկտ. Նորա Արիսեան։
Նշենք թէ Միջին Արեւելքի մէջ հայերը հմտանալով՝ արաբական լեզուին ու մշակոյթին մէջ, կը պահեն նաեւ իրենց հայկական ինքնութիւնը, եւ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը կը ծանօթացնեն իրենց ապրած երկրի ժողովուրդին։ Ասոր որպէս փաստ կը գտնենք բազմաթիւ գիրքերն ու թարգմանական գործերը որոնց անդրադարձաւ օրուան բանախօսը՝ տոքթ. Նորա Արիսեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.