2011-10-10 13:24:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 9 հոկտեմբերին միօրեայ Հովուական այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Գալապրիայ Նահանգին ուր Լամեցաիա Թերմէյի մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագին ու յետ միջօրէին Սեռռա Սան Պրունօ Ճգնարանի մէջ գլխաւորեց ժամասացութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը այս առաւօտ ժամը 12.45 իր գրասենեակի մէջ ընդունեց երկու նորօծ եպիսկոպոսներ իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասյին` Գերապայծառ Պարթելեմի Ատուքոնու Քահանայապետական Մշակութեային Խորհուրդի Քարտուղար եւ Գերապայծառ Ճուզեբբէ Շաքքա Վատիկան Պետութեան Ընդհանուր Քարուղար։ Նշենք որ վերոյիշեալ եպիսկոպոսներու օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ 8 հոկտեմբերի յետ միջօրէին նախագահութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի։
Նշենք նաեւ որ 10 - 22 հոկտեմբեր Ավստրալիոյ Եպիսկոպոսական Դասի անդամները Վատիկան կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.