2011-10-10 13:33:10

Երուսաղէմի Եւ Յորդանանի Կաթողիկէ Հայոց Նոր Էկզարք Հ. Յովսէփ ԹԾՎ Քէլէկեան։


Կիրակի 9 հոկտեմբերի առաւօտեան Պէյրութի հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պէտրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական սուրբ պատարագին ընթացքին Հ. Յովսէփ վրդ. Քէլէկեանը յայտարարեց թագադիր ծայրագոյն վարդապետ, տալով անոր եպիսկոպոսական թագ եւ գաւազան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ յիշեց Հ. Յովսէփին կատարած առաքելութիւնները եւ անոր ծառայութեան ազնիւ հոգին, մինչեւ անոր վերջին առաքելութիւնը՝ Հայաստանի մէջ: Հոգեւոր Տէրը նկատեց վերաւետարանացման անհրաժեշտութիւնը այսօրուան աշխարհին մէջ, մանաւանդ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձն առած պատասխանատուութիւնը եւ 2012-ի սիւնհոդոսը: Ան յաջողութիւն մաղթեց Հ. Յովսէփին իր նոր առաքելութեան մէջ:
Արդ՝ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի նոր Էկզարքը, գերապայծառ Քէլէկեան պիտի մասնակցի Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսին, որ կը գումարուի Զմմառու մէջ, 11-21 հոկտեմբեր, նախագահութեամբ ` Ամենապատիւ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին, մասնակցութեամբը՝ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի ու Ամերիկաներու Հայ Կաթողիկէ Համայնքներու Առաջնորդներուն։
Սիւնոդոսական Հայրերը այս առթիւ յատուկ ժամանակ պիտի տրամադրեն 7 - 28 Հոկտեմբեր 2012-ին՝ Վատիկանի մէջ գումարուելիք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին, “Նոր Աւետարանացումը” նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.