2011-10-10 13:39:02

Գահիրէի Մէջ Արիւնալի Բախումներ՝ Ղպտիներու Եւ Եգիպտական Բանակի Միջեւ։


Գահիրէի մէջ Ղպտիներու եւ Եգիպտական բանակին միջեւ երէկ երեկոյան տեղի ունեցան բուռն բախումներ, որոնց պատճառով կեդրոնական Գահիրէի «6 հոկտեմբեր»ի կամուրջէն Մասփիրօ երկարող շրջանը ամբողջութեամբ փակուեցաւ: Բախումները սկսան, երբ Սապթիէի շրջանի բնակիչներ քարկոծեցին ղպտիներու մէկ քայլարշաւը, իսկ անծանօթներ անոնց վրայ կրակ բացին:
Ըստ նախնական տուեալներու , արձանագրուած են 25 զոհեր(ըստ պաշտօնական տուեալներու,ըստ Ղպտիներուն այս թիւը՝ 36 է) եւ աւելի քան 200 վիրաւորներ: Նշենք, որ երէկ Եգիպտոսի 4 նահանգներու մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` եկեղեցիներու վրայ կատարուած յարձակումներու դէմորպէս հակազդեցութիւն :
Մինչ այդ կան ձերբակալուած 40 անձեր։ Միւս կողմէ Եգիպտոսի վարչապետ Էսսամ Շարաֆ յայտարեց թէ այսօր տեղի կ՝ունենայ Կառավարական ստիպողական Ժողով։








All the contents on this site are copyrighted ©.