2011-10-09 12:29:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Լամեցիայ Թերմէյի Մէջ Մատուցած Սուրբ Պատարագի Ընթացքին։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 9 հոկտեմբերին հովուական միօրեայ այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Գալապրիա նահանգի Լամեցիայ Թերմէ Թեմին ուր առաւօտեան ժամը 10ին մատոյց Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ խօսքը ուղղելով հոն համախմբուած հաւատացեալներուն ուրախութիւն յայտնեց միասնաբար բեկանալու հացը եւ բաժնեկցելու Աստուծոյ Խօսքը։
Ուրախ եմ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - առաջին անգամուայ համար գտնուելուս Գալապրիա եւ բոլորիդ կ՛ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ջերմ ընդունեալութեան համար։ Ապա շնորհակալութեան խօսք մը ուղղելէ ետք եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններուն ու հովուական այցելութիւնը կազմակերպիչներուն, Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր կը խօսուի <<հարսանեկան ընթրիքի>> առակի մասին։ Հարսանիքի խրախճանքի պատկերը յաճախ կը գործածուի սուրբ գրութիւններուն մէջ մատնանշելու համար հաղորդութեան ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ առատ շնորհքները։
Յիսուս աւետարանին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը նմանցնէ Թագաւորի մը որ հարսանեկան խնջոյք կը սարքէ իր որդիին ու կը ղրկէ իր ծառաները հրաւիրեալները հարսանիքի կանչելու բայց այս վերջինները կը մերժեն հրաւերը։ Աստուած առատաձեռն է մեզի հանդէպ` մեզի կու տայ իր բարեկամութիւնը, կը պարգեւէ մեզի իր շնորհքներն ու ուրախութիւնը սակայն շատ անգամ մենք կը մերժենք անոր խօսքերը եւ մեր հետաքրքրութիւնը կը մղենք այլեւայլ ինչքերու հանդէպ։ Թագաւորը տեսնելով հրաւիրեալներուն մերժումը կը հրամայէ ծառաներուն որ երթան հրապարակները ու հարսանիքի հրաւիրեն ով որ գտնեն։
Թագաւորի ողորմութիւնը անսահման է` բոլորին առիթ կու տայ իր կոչը ունկնդրելու։ Սակայն պայման մը կայ որ պէտք է յարգուի մասնկցելու համար հարսանիքին։ Թագաւորը երբ կը մտնէ հրաւիրեալները տեսնելու կը նշմարէ մէկը որ հարսանիքի զգեստ չունէր։ Եւ երբ անոր հարց կու տայ թէ ի՞նչու առանց հարսանեկան զգեստի եկած է` մարդուն լեզուն կը բռնուի ու չի գիտեր ինչ պտասխանել։
Թագաւորը կը հրամայէ իր ծառաներուն զայն դուրս` արտաքին խաւարին մէջ տանելու ուր կայ լաց եւ ակռաներու կրճտում։ Առանց հարսանեկան զգեստի հրաւիլեալը կը նմանի այն մարդուն որ հաւատք ունի եւ այդ հաւատքը անոր առջեւ կը բանայ հարսանեկան վայրին դռները սակայն չունի զգեստը որ կը պատկերացնէ սէրն ու ողորմութիւնը։Ամէնքս կանչուած են հաւատքով մասնակցելու Աստուծոյ սեղանին սակայն հարկ է որ ապրինք եւ պահպանենք հարսանեկան զգեստը` որ է ողորմութիւնը մեր բարեկամներուն հանդէպ ու Աստուծոյ հանդէպ սէր։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յայտնեց թէ եկած է Թեմի հասարակութեան հետ բաժնեկցելու ուրախութիւնը` յոյսը` եւ ապագայի ձգտումները <<Նազովրեդցի Յիսուս Քրիստոսի անունով ել եւ քալէ>> բնաբանի տակ։ Գիտեմ որ Լամեցիայ Թերմէյի մէջ ինչպէս համայն Գալապրիա շրջանին մէջ դժուարութիւնները չեն պակսիր բայց վստահ եմ այնպէս ինչպէս կ՛ապացուցէ ձեր պատմութիւնը որ պիտի կարենաք դիմագրաւել ամէն խոչընդոտ` ձեռք ձեռքի տալով ու միասնաբար աշխատելով ու վկայելով քրիստոնէական արժէքները որոնք խոր արմատներ ունին այս հողին եւ հոս բնակող ժողովուրդի սրտերուն մէջ։
Հուսկ Սրբազան Հայրը քաջալերական խօսք մը ուղղեց կղերականներուն իրենց դժուար առաքելութեան համար թելադրելով անոնց վեհանձնօրէն շարունակելու իրենց գործունէութիւնը եւ խօսքը եզրափակելով ըսաւ <<աշխարհական հաւատացեալներ, երիտասարդներ եւ ընտանիքներ մի վախնաք ապրելու եւ վկայելու ձեր հաւատքը ընկերային բոլոր ասպարեզներէն ներս եւ երբ հանդիպիք հակառակորդներուն յիշեցէք առաքեալին խօսքերը <<ամէն ինչ կարելի է անով որ ինծի ուժ կու տայ>>։ Գալապրիա նահանգի Սուրբերուն բարեխօսութիւնը կը հայցեմ ձեր վրայ` թող պաշտպանեն ու պահպանեն ձեզ եւ ձեր մէջ արթնցնեն իղձը տարածելու Քրիստոսի Սէրը։ Աստուածամայրը թող առաջնորդէ ձեր քայլերը դէպի իր Որդին։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.