2011-10-09 10:23:53

Նիքարակուայի Կաթողիկէ Քահանաները Հալածուած Ու Մահուան Սպառնալիքի Տակ Են,
Աւելի քան 100 քահանաներ այդ ուղղութեամբ կոչ մը ուղղած են։


Նիքարակուայի կաթողիկէ եկեղեցին հոկտեմբերի սկիզբը յայտնած է որ, երեսփոխանական ու նախագահական ընտրութիւններէն մէկ ամիս առաջ, իր քահանաները հալածանքի ու մահուան սպառնալիք ընդունած են անծանօթներու կողմէ։ Մանակուայի առաջնորդ կարտինալը յիշեցուց անցեալ 20 օգոստոսին, հայր Կարսիայի սպաննութիւնը։
118 քահանաներ ստորագրած են կոչ մը դատապարտելով ''սպաննութեան սպառնալիքը'' որ ընդունած են անծանօթներու կողմէ, պարզապէս որովհետեւ պահանջած են լուսաբանութիւններ հայր Բուբիրոյի սպաննութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.