2011-10-08 13:05:40

Կարտինալ Սարահի Բաղձանքն Է Դպրոց Բանալ Ափրիկէի Բոլոր Գիւղերու Մէջ։


Միմիայն դաստիարակութեամբ կարելի է փրկել Ափրիկէի ցամաքամասը (ըսած է ան) ։
''ՄԷկ Սիրտ'' Վատիկանի բարեսիրական մարմնի նախագահը կարտինալ Սարահ մտադիր է Ափրիկէի ցամաքամասի ամէն մէկ գիւղին մէջ դպրոց մը բանալու։ Դաստիարակութիւնը միակ միջոցն է ազատելու նոր սերունդը փախստական, ոճրագործ եւ ահափեկիչ դառնալէ ։
Կարտինալին գնահատումով սեւ Ցամաքամասը իր ոյժը դնելով դաստիարակութեան վրայ, պիտի կարենայ յառաջանալ ու բարգաւաճիլ։ Ան կոչ կ'ուղղէ քրիստոնեաներուն դպրոց բանալու գիւղերուն մէջ։ Եկեղեցին `միշտ եղած է ''Մայր եւ Դաստիարակ'' ։ Ան գիտէ լաւ կատարել դաստիարակութեան առաքելութիւնը, միացնենք մեր ոյժերը ափրիկեան Ծոցին մէջ, որպէսզի անոր զաւակները ունենան կրթութիւն, դաստիարակութիւն եւ մշակոյթ( ըսած է ծիրանաւորը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.