2011-10-08 13:08:43

ԷՈՒՐՕ -2012։ Հայաստանի ֆութպոլի Հաւաքականը Յաղթական՝Մակեդոնիոյ Դէմ։


Յաղթանակ մը եւս եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կ՛ապահովէ Էուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, եթէ յաջողի յառաջիկայ երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին յաղթանակով մը վերադառնալ Այիրի դաշտէն: Հայրենի կազմը երէկ փայլուն եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Մակեդոնիան:

Երէկ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Մակեդոնիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Էուրօ -2012-ի ֆութպոլի ծիրին մէջ (Բ. խմբակ): Հայաստան, որ ցարդ որեւէ մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմս մը ապահոված չէ, 4-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք իր հիւրը, այսպիսով փլէյ-օֆի մրցումներուն տոմս մը ապահովելու իր յոյսերը բարձր պահեց:
Հայրենի կազմին համար այժմ կարեւոր է զտումի վերջին մրցումին ալ յաղթանակ արձանագրել եւ պարտութեան մատնել իր վերջին մրցակիցը` Այիրը (երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին)` վերջինիս դաշտին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.