2011-10-08 13:12:28

Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը - Արեւմտահայերէնի Փրկութիւնը՝ Թուային (digital) Պարունակութիւն Ունենալու Մէջ Կը Կայանայ


405 թուին ծնունդ առած հայերէնը արդէն 1606 տարեկան է: Լեզու մը, երիտասարդ մնալու համար, պարտի նորագոյն արուեստագիտութիւններու (technology) հետ քայլ պահել: Արդեօք լեզու մը կա՞ր որ չօգտագործեց ԺԵ. դարու Կիւթէմպըրկի տպագրութեան գիւտը: Ոչ, որովհետեւ այն լեզուները որոնք տպագրութիւն չունեցան, մեռան: (Հոս կ’արժէ յիշել թէ 2012 թուականին, մենք պիտի տօնենք Հայ տպագրութեան 500-ամեակը):
Այսօր, մենք կ’ապրինք թուային ժամանակաշրջանի մը մէջ: Գիրքեր, երգեր, արուեստի գործեր, արուեստագէտներ եթէ չունին թուային ներկայութիւն, տեղ չունին իրենց համակիրներու համակարգիչներուն եւ բջիջային հեռախօսներուն մէջ, եւ ուրեմն տեղ չունին ժողովուրդի մտքին մէջ: Մենք կ’ընդունինք թէ արեւմտահայերէնի փրկութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, սակայն պէտք է բաժնել պարտականութիւնները.
Այն հայ կազմակերպութիւնները որոնք օտար լեզուներով համացանցային ներկայութիւն են, պարտին նաեւ համահաւասար հայերէնով ներկայութիւն ունենալ:
Հայ ուսուցիչներ պարտին իրենց հայ աշակերտներուն հետ հայերէնով ե-նամակով (email) հաղորդակցութիւն ստեղծել:
Ուսուցիչներ պարտին իրենց աշակերտներուն քաջալերել Հայերէն գործածելու իրենց Facebook, Myspace, Twitter եւ այլ կայքէջերու վրայ:
Հայ Եկեղեցին, պարտի իր բոլոր հաղորդակցութիւնները կղերականներու, ժողովականներու եւ ժողովուրդին միջեւ ընել նաեւ մեսրոպատառ հայերէնով:
Գիրքեր որոնք կը տպագրուին թուղթերու վրայ (ԺԵ դար) պարտին նաեւ մատչելի ըլլալ թուային ձեւով որպէսզի նոր սերունդի զաւակները՝ անոնք որոնք հայերէն գիրերը կը ճանչնան, կարենան կարդալ այս գիրքերը իրենց համակարգիչներուն, iphoneներուն եւ ipadներուն վրայ:
Իմաստալից ձեւով յիշատակենք Թարգմանչաց տօնը, կարդալով հայագրեալ Աստուածաշունչը, որուն թարգմանութեան համար յատկապէս հայերէն գիրերը կեանք առին:
Եթէ մենք հաւաքաբար շարունակենք չգործածել հայերէնը մեր առօրեային մէջ, այն ատեն միայն մենք մեզ կրնանք այպանել:








All the contents on this site are copyrighted ©.