2011-10-08 13:07:00

2011-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակիրները՝ Երեք Կիներ։


Նորվեկիոյ Նոպէլեան Յանձնաժողովը Հոկտեմբեր 7ին Օսլոյի մէջ ներկայացուց 2011ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրները:
Մրցանակի դափնեկիր դարձած են Լիպերիայի առաջին կին նախագահը՝ Էլէն Ճոնսըն, ապա Լիպերիայի «Յանուն խաղաղութեան կանանց շարժման» աշխատակից Լէյմահ Գբովի, ինչպէս նաեւ Եմենցի իրաւապաշտպան, ընդդիմադիր Թաւաքուլ Կարման:
Լէյմահ Գբովի կազմակերպած էր Լիպերիայի խաղաղութեան շարժումը, եւ օգնած էր Էլեն Ճոնսըն-ին որպէսզի ան իշխանութեան գլուխը գայ Լիպերիայի մէջ: Իսկ Եմենցի օրիորդ Թաւաքուլ Կարման «Լրագրողներ առանց շղթաներու» կազմակերպութեան ղեկավարն է:
«Նոր Ափրիկէի խորհրդանիշ» նկատուող 72ամեայ Էլէն Ճոնսըն Սիրլիֆ ափրիկեան այդ պետութեանայսինքն Լիպերիայի բնակիչներու քուէարկութեամբ ընտրուած՝ առաջին կին նախագահն է:
Նոպելեան Մրցանակի դրդապատճառն է «կիներու անվտանգութեան եւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացներու մէջ, մասնակցութեան լիարժէք իրաւունքի համար անոնց բռնութենէն զուրկյառաջ տարած պայքարի համար» ։








All the contents on this site are copyrighted ©.