Նոր Երանուհի մը։ Անա Մարիա Եանէր Անկլարիլ։ Հիմնադրուհին Ուրկէլ-ի Սուրբ Ընտանիքի Մայրապետներու
Միաբանութեան։
Նոր Երանուհին կը ծնի 18 Դեկտեմբեր 1800ին Չէրվէրա(Սպանիա) խորապէս քրիստոնեայ ծնողքէ
մը։ Սպանիոյ եւ ֆրանսայի միջեւ կայացած Անկախութեան Պատերազմի տարիներուն արդէն կը
կրէ անօթութեան ու համաճարակի հետեւանքները (1808-1814) եւ 18ամեայ կը միանայ Չէրվէրայի
Հիւանդանոցի Գթութեան Մայրապետներուն, որոնք կր խնամէին հիւանդները ու աղքատները,միաժամանակ
կրօնուսուցումի դաս տալով մօտակայ աղջկանց դպրոցին մէջ։ 1833ին Սպանական քաղաքական
շարժում մը եղող առաջին Գարլիս կոչուած պատերազմին, հիւանդանոցը զինուորական հիմնարկութեան
մը կը վերածուի եւ Սպանիոյ Թագաւոր ֆէրտինանտօ Է.ի եղբայրը Գարլօ Տի Պորպոնէի խնդրանքին
ընդառաջելով Անա Մարիա կը ստանցնէ Գալիսթ կոչուած շրջանի հիւանդանոցներու համակարգումը։
Պատերազմի վերջաւորութեան կը բանտարկուի, բայց կը յաջողի խոյս տալ, եւ կ՝ապաստանի
ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքը։ Յետագային վերադառնալով ծննդավայրը Չէրվէրա( Սպանիա)
տնօրէնուհին կը դառնայ Գթութեան Տան ուր կը հիւրասիրուէին որբերը,հաշմանդամները եւ տարեցները։
1859-ին հիմնեց Գթութեան Եղբայրութիւն մը Ուրկէլ-ի աղքատներու հիւանդանոցին մօտ,եւ
նոյն տարին նոյնպէս հիմնեց Ուրկէլ-ի Սուրբ Ընտանիքի Մայրապետներու հաստատութիւնը։ 1880-ին
Միաբանութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովը գնահատելով Անա Մարիա-ի անսահման անձնազոհութիւնը
ու եղբայր սիրութիւնը զինք ընտրեց Ընդհանուր Մեծաւորուհի։ Մայր Անա Մարիա Եանէր
կը վախճանի 11 Յունուար 1885-ին,զայն կը գտնեն գետին նստած զղջումի դիրքի մէջ՝ Քրիստոսի
Սրբանկարին առջեւ ։