2011-10-07 13:15:49

Նիքոլա Սարքոզիի Այցելութիւնը՝ Հայաստան։
«Եթէ Մինչեւ Տարեվերջ Թուրքիա Չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը,Պիտի Դիմենք Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Քրէականանացնող Օրէնքի Ընդունման » Յայտարարեց Նիքոլա Սարքոզի Ծիծեռնակաբերդի Մէջ։


Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ երկօրեայ պետական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ֆրանսայի նախագահը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Ֆրանսայի նախագահը դիտեց Արարատ լեռը, որ լաւ եղանակին շնորհիւ, յստակօրէն կ՛երեւէր, եւ լերան վերաբերեալ որոշ հարցումներ ուղղեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
Նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին կ՛ուղեկցին երեք նախարարներ` տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան, համագործակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու, ինչպէս նաեւ արտաքին առեւտուրի պետական նախարարը:
Ֆրանսայի նախագահին հետ Հայաստան ժամանեցին նաեւ «Ֆրանս Թելեքոմ-Օրանժ» ընկերութեան նախագահը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խումբի նախագահ, ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տեւեճեան, շարժապատկերի արտադրիչ Ալեն Թերզեան, յայտնի ֆութպոլիստ, ազգութեամբ հայ Եուրի Ճորքէվ եւ քանի մը տասնեակ լրագրողներ:
Այսօր Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու մասնակցութեամբ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը,նոյնինքն Ազնաւորուի ներկայութեամբ:
Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահները այցելեցին Ս. Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ:
Ողջունելով նախագահներուն այցելութիւնը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն, վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց երկու դարաւոր բարեկամ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն առնչութեամբ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առանձնայատուկ ձեւով ընդգծեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հոգատար վերաբերմունքը ֆրանսաբնակ հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք, վերապրելով Հայոց Ցեղասպանութենէն, քրիստոնէական լաւատեսութեամբ եւ յոյսով յաջողեցան իրենց հոգեւոր-ազգային կեանքը կազմակերպել Ֆրանսայի մէջ եւ այսօր` իբրեւ արժանաւոր քաղաքացիներ, իրենց կարեւոր ծառայութիւնը կը մատուցեն յանուն Ֆրանսայի յառաջընթացին եւ բարօրութեան:

Նիքոլա Սարքոզի իր կարգին ընդգծեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է գտնուիլ Հայաստանի մէջ եւ իր յարգանքը յայտնեց Հայ եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ:

Սուրբ Էջմիածին կատարած իրենց այցելութենէն ետք, երկու նախագահները մեկնեցան Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր:
Նախագահները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ապա այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր Ֆրանսայի նախագահը պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ արձանագրեց սա խօսքը . «Ֆրանսան չի մոռնար»:
Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրի՝ Յիշողութեան Պուրակին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները ծառ մը տնկեցին Ֆրանսայի կողմէ 2001-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը յաւերժացնող Յուշասիւնին կողքին:

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին մօտ, լրագրողներու հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցին ընթացքին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, որ «հաւաքական ժխտողականութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է եւ շատ աւելի անընդունելի է, քան ժխտողականութիւնը անհատական մակարդակի վրայ: Թուրքիան մեծ երկիր է եւ պէտք է կարենայ ճիշդ նայիլ իր անցեալին, պէտք է կարենայ ուղիղ նայիլ իր սեփական պատմութեան ինչպէս լուսաւոր, այնպէս էլ ստուերոտ էջերուն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրած են այլ մեծ պետութիւններ, ինչպէս օրինակ` Գերմանիան: Եթէ Թուրքիան կատարէ իր պատմական պարտաւորութիւնը, ապա մենք կը մնանք այնտեղ` ուր հիմա ենք, կը մնանք նոյն տեղը: Իսկ եթէ Թուրքիան չընէ զայն, մենք աւելի առաջ կ՛երթանք»:
Պետական այս այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանսայի համագործակցութեան հարցերով նախարար Հանրի Տը Ռենքուր երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստորագրեցին «Հայաստանի կառավարութեան եւ Ֆրանսայի կառավարութեան միջեւ մշակութային, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան ծրագիրը»:
Այնուհետեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան եւ ֆրանսական զարգացման գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Տով Զերան ստորագրեցին փոխադարձ ըմբռնման յուշագիր մը` Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան եւ ֆրանսական զարգացման գործակալութեան միջեւ:
Ստորագրուած փաստաթուղթերը կը հարստացնեն Հայ-ֆրանսական լայն իրաւապայմանագրային դաշտը, որ կը ներառէ 25 միջպետական, միջկառավարական եւ միջնախարարական համաձայնագիրներ եւ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ համագործակցութեան յաւելեալ խորացման համար:

Աշխարհահռչակ քանդակագործ Օկիւսթ Ռոտենի հեղինակած Ժիւլ Պասթիէն Լըբաժի Արձանը բարեկամութեան խորհրդանիշ է Հայաստանի ու ֆրանսայի միջեւ (ըսաւ Նիքոլա Սարքոզի) այսօր 7 Հոկտեմբեր Երեւանի ֆրանսական հրապարակի վրայ Նախագահ Սարգսեանի հետ արձանի բացումի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։ ֆրանսայի նախագահը յիշեցուց որ աշխարհահռչակ քանդակագործը սերտ կապեր ունէր Հայաստանի հետ։ Ռոտենը կը պատկանէր այն մտաւորականներու շարքին որոնք դատապարտեցին զանգուածային ջարդերու նախանշանները այն ողբերգութեան որը վիճակուեցաւ նաեւ Հայ Ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.