2011-10-07 13:20:13

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսը։


Երեքշաբթի 11 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսը նախագահութեամբ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին։
Սիւնոդոսական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի ու Ամերիկաներու Հայ Կաթողիկէ Համայնքներու Առաջնորդները` Արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ ու Վիճակաւորներ։
Շուրջ 10 օր տեւող սիւնոդոսին ընթացքին, պիտի քննարկուին Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրատապ հարցերը։
Նիստերու Աշխատանքի ժամանակացոյցը կը նախատեսէ դռնբաց եւ դռնփակ նիստեր։
Դռնբաց նիստերու ընթացքին պիտի շօշափուին ի մէջ այլոց` Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոսին առընչութեամբ յաջորդ միջոցառումները, Հայոց Ցեաղսպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի աշխատանքները, Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ընկերային Հաղորդամիջոցներու իրողութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները ու Պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու գործընթացքը։
Սիւնոդոսական Հայրերը ապա յատուկ ժամանակ պիտի տրամադրեն 2012ին՝ Վատիկանի մէջ գումարուելիք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ, 7 - 28 Հոկտեմբեր 2012-ին՝ ունենալով որպէս նիւթ “Նոր Աւետարանացումը”։








All the contents on this site are copyrighted ©.