2011-10-07 13:19:06

Արեւելեան Ափրիկէի Քաղաքական Կացութիւնը։


Արեւելեան Ափրիկէի քաղաքական կացութիւնը անհանդուրժելի է։ Այդ ուղղութեամբ միջազգային հասարակութիւնը ոչ մէկ բարի կամք ցոյց կու տայ, ի հեճուկս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին սրտայոյզ կոչին հարաւային Ափրիկէի ի խնդիր, որ մեծապէս տուժեց աննախընթաց երաշտի պատճառով, ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած Վատիկանի բարեսիրական մարմնի նախագահը` կարտինալ Սարա, խստիւ դատապարտեց միջազգային հասարակութիւնը։ Կարտինալի գնահատումով միջազգային հասարակութիւնը գիտակցաբար անտարբեր դիրք բռնած է հարաւային Ափրիկէի հանդէպ, թողելով այդ վերջինը կատարեալ քաոսային վիճակին մէջ։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Սարա հաստատած է որ կիրարկուող բռնութիւնները անհանդուրժելի են Սոմալիայի մէջ։ Հարկաւոր է շուտով գործել ,վերջ դնելու՝ մարդկային ողբերգութեան։
Սրբազան Քահանայապետը շատ մտահոգ է ու կ՝ուզէ յարատեւ տեղեակ պահենք զինք կացութեան, ըսաւ կարտինալը աւելցնելով.՜՜ Սրբազան Հայրը ինծմէ խնդրեց ամէն ճիգ ի գործ դնեմ շուտափոյթ օգնութեան հասնելու երախաներուն, տարեցներուն ու կիներուն, որոնք ամէն օր կը մահուան դատապարտուած են մինչ ջուր, հաց եւ դեղ կը հայցեն ։ Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ չորեքշաբթի օրը ընդհանուր ունկկնդրութեան ընթացքին կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան որպէսզի շարունակէ իր յանձնառումը հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.