2011-10-06 12:53:40

Փառքի Շքանշան՝Տիմիթրի Մետվետեւի Նախագահ Սարգսեանի Հրամանագրով։


Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` 4 հոկտեմբերի հրամանագիրով Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ պարգեւատրուեցաւ Փառքի Շքանշանով:
Սոյն Շքանշանը կը տրուի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական բարեկամական կապերու ամրապնդման, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային ռազմավարական յարաբերութիւններու խորացման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան գործին մէջ Մետվետեւի ներդրած անձնական մեծ աւանդին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.