2011-10-06 12:17:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հոկտեմբեր 6ի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 6 հոկտեմբեր 2011ի առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեկի մէջ ընդունեց Պիէլորուսիայի մօտ նոր անուանուած Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճէրօթթին։
Հուսկ Ժամը 11.15 Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Ինտոնեզիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներու, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Նշենք որ յառաջիկայ 10 - 22 հոկտեմբեր նոյն առիթով, այսինքն հնգամեայ կանոնական այցլութեան առթիւ Հռոմ պիտի ժամանեն Ավստրալիոյ եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.