2011-10-06 12:53:49

Ոչ Եւս է Սթիւ Ճոպս Apple Ընկերութեան Հիմնադիրը որ Կը Տիրապետէր Հայերէն Լեզուին։


Անցնող գիշեր մահացաւ Apple ընկերութեան հիմնադիր եւ նախկին ղեկավար Սթիւ Ճոպսը։ Ճոպս 56 տարեկան էր եւ երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն:
Վերջերս յաճախ կը յիշատակուէր Apple ընկերութեան հիմնադիր եւ նախկին ղեկավար հանճարեղ Սթիւ Ճոպսի հայկական արմատներ ունենալու հարցի մասին, սակայն, իրականութեան մէջ, Սթիւ Ճոպսը որդեգրող կինը Հայուհի մըն է ։Սթիւ Ճոպս ծնած է 1955ին ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Մաունթին Վիւ փոքր քաղաքին մէջ: Ճոպսը սակայն, ծնելէն մէկ շաբաթ ետք մեծցուցած եւ դաստիարակած են Տիկին Քլարա Յակոբեան ու իր ամերիկացի ամուսինը Փոլ Ճոպսը ։“Իմ ծնողները անոնք են”,( կ’ըսէր Ճոպս):
Տիկին Քլարա-ի ծնողքը ԱՄՆ գաղթած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ Մալաթիա նահանգէն: Քլարայի հայրը Լուիս Յակոբեան, ծնած է Մալաթիա 1894ին, իսկ մայրը` Վիքթորեա Արթինեան` 1894-ին Իզմիր:
"Սթիւ Ճոպս իր իսկական ընտանիքը համարած է այն՝ որ որդեգրած ու պահած է զինք, իսկ Քլարա Յակոբեանի դերը այս հանճարեղ մարդը դաստիարակելու գործին մէջ մեծ եղած է"( կը գրեն լրատու գործակալութիւններ) աւելցնելով, որ Ճոպս երբեք չէ փափաքած խօսիլ իրեն լոյս աշխարհ բերող ծնողներուն մասին։Ըստ Մասս-Մետիաներու տեղեկութիւններուն, Ճոպս վարժ կը տիրապետէր հայերէն լեզուին, որովհետեւ մայրը, որ զինք մեծցուց եւ դաստիարակեց Քլարա Յակոբեանն է։
Սթիւի իսկական հայրը Սուրիացի Ապտուլճաթթահ Ճանտալին է, իսկ մայրը ամերիկացի Ճանի Սիմփսընը, որ հետագային ամուսնացած ու լոյս աշխարհ բերած է յայտնի վիպագիր Մոնա Սիմփսընը։








All the contents on this site are copyrighted ©.