2011-10-06 12:54:01

Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Վերամուտը՝Պուրճ Համուտ ։


Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին առաւօտեան վաղ ժամերէն Մեսրոպեան մանկապարտէզի շրջափակը վերամուտեան եռուզեռ կը տիրէր։ Մանկապարտէզի շրջափակը զարդարուած էր վերամուտ խոշոր պաստառով մը եւ գունաւոր փուչիկներով։
Բոլորին բարի գալուստի խօսք ըսելէ յետոյ, կոկոն դասարանի հայերէնի ուսուցչուհի՝ Օրդ. Շողիկ Եփրեմեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները, մանկապարտիզպանուհիին հետ միասնաբար Տէրունական Աղօթքով սկսելու վերամուտը։
Այնուհետեւ մանկապարտէզի բողբոջ դասարանի բոլոր ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ մակապարտիզպանուհիի օգնական՝ Տիկ. Գարոլին Թերզեանի, ներկայացան գեղեցիկ եւ բացառիկ անակնկալով մը։ Անոնք գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ պարեցին եւ երգեցին իրենց աշակերտներուն համար, ընկերակցութեամբ նապաստակին (ուսուցչուհի՝ Օրդ. Թինա Կարապետեան) եւ ծաղրածուին (ծաղիկ դասարանի արաբերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Սոնիա Ապէթեան)։

Այնուհետեւ, ներկայ ծնողներէն կարգ մը ծնողներ խօսք առնելով, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, ինչպէս Մեսրոպեան վարժարանի ուսումնական բարձր մակարդակին համար, նոյնպէս ալ իրենց զաւակներուն հանդէպ վարժարանէն ներս գոյութիւն ունեցող ուշադիր եւ հոգածու վերաբերմունքին համար։
Իր կարգին խօսք առնելով, վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, վարժարանին նկատմամբ ցոյց տրուած բարձր վստահութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.