2011-10-06 12:19:07

Լիպիոյ Մօտ Առաքելական Դեսպանը Մեծ Յոյս Կը Յայտնէ Լիպիոյ Ապագային Նկատմամբ։


Մալթայի ու Լիպիոյ մօտ առաքելական դեսպան` Գերապայծառ Գաբութօն ներկայիս կը գտնուի Լիպիա ու տեսակցութիւն ունեցաւ երկրի ժամանակաւոր կառավարութեան ու Լիպիայի քրիստոնեայ համայնքին հետ։
4 հոկտեմբերին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ան հաստատեց որ Լիպիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը դարաւոր ներկայութիւն ունեցած է, ներկայութիւն մը որ գնահատուած է նաեւ մահմետականներէն։ Առաքելական դեսպանը հանդիպում ունեցած է նախարարապետ Ժպրիլի եւ արտգործ փոխ նախարարի հետ։ Լիպիոյ ներկայ կառավարութիւնը երաշխաւորեց որ Եկեղեցին գնահատուած է եւ մեծ կարեւորութիւն կու տան Ս. Աթոռի հետ դիւնագիտական կապեր ունենալուն համար։ Գերապայծառ Գաբութօ ըսաւ մեծ յոյս ունինք այս երկրին ապագային համար եւ կը յուսանք որ քրիստոնեաները կրկին Լիպիա վերադառնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.