2011-10-05 13:00:53

Վատիկանի Կառավարիչը Իր Խնդակցութիւնը Յայտնած Է Վատիկանի Թանգարանի Այցելուներու Յաւելումին։


Կարտինալ Լայոլօ` կառավարիչը Վատիկանի պետութեան, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով իր խնդակցութիւնը յայտնած է որ իր կառավարութեան հինգ տարիներուն ընթացքին մեծ ջանքեր թափուած են դիւրնցնելու այցելուներու մուտքը Վատիկանի թանգարաններուն, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցաւ տոմս ունենալու կարելիութիւնը։
Յայտնենք որ մէկ հոկտեմբերէն սկսեալ գերապայծառ Պերթելլօ` երբեմնի առաքելական դեսպանը Իտալիոյ մօտ, կը յաջորդէ կարտինալ Լայոլոյին որ յառաջացած տարիքին բերումով իր հրաժարականը ներկայացուցած է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.