2011-10-05 12:56:30

Սրբազան Քահանայապետի Կոչը ի նպաստ Ափրիկեան Ծոցին


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը սրտափուխ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ երաշխի հետեւանքով ողբերգրական վիճակի մէջ ապրող ափրիկեան ծոցի բնակչութեան։
Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող Կարտինալ Րոպէր Սարան` նախագահը Գոր Ունում (մէկ սիրտ) Վատիկանի բարեգործական մարմնի ու գերապայածառ ճորճիօ Պերթին Մոկատիշոյի առաքելական կառավարիչը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ բարեգործական զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք հռոմ կը գտնուին, յառաջիկայ օրերուն ուսումնասիրելու օգնութեան նոր կարելիութիւններ ու մշակելու նոր ծրագիրներ, ըսաւ . ''Միջազգային հանրութեան կը նորոգեմ կոչս - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - որպեսզի շարունակէ իր յանձնարումը օգնութեան հասնելու ափրիկեան ծոցի ժողովուրդներուն եւ կը հրաւիրեմ բոլորդ աղօթելու ու օժանդակութիւններ յատկացնելու բոլրո այն մեր եղբայներուն ու քոյրերուն որ դժուարութեան մէջ են ու նա մանաւանդ մանուկներուն որոնք իրենց կեանքը կը կորսնցնեն սնունդի ու ջուրի պակասի պատճառաւ։''
Նշենք որ վերոյիշեալ ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Քանդէրպուրրի Արքեպիսկոպութեան ներկայացուցիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.