2011-10-05 13:01:33

ԼՂՀ Պիտի Մասնակցի Ռիմինիի Զբօսաշրջային Միջազգային Ցուցահանդէսին։


Հոկտեմբեր 6-8ին Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ “TTG INCONTRI” զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսը, որուն Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը՝ հայկական զբօսաշրջային ութ ընկերութիւններու հետ միասին : Մասնակիցներու թիւին ընդգրկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Իտալիան առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի համար, քանի որ անիկա սահմանուած է՝՝ թիրախային շուկայ՝՝ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար:
Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը պիտի շարունակէ առաջ մղելու ջանքերը Ացախի` իբրեւ զբօսաշրջավայրի միջազգային ճանաչելիութեան եւ դէպի Արցախ միջազգային զբօսաշրջային հոսքերու խթանման ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.